Կիրակի, 16. 02. 2025

spot_img

Մեսրոպեանի Աշակերտը «YES» Ծրագրով Պիտի Մեկնի Միացեալ Նահանգներ` Միամեայ Ուսումնառութեան

Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտ Ճօ Կարապետեան մասնակցեցաւ Միացեալ Նահանգներու «YES» (Youth Exchange and Study) ծրագիրի քննութիւններուն եւ արձանագրեց պատուաբեր յաջողութիւն: Ուստի, Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան հովանաւորութեամբ Ճօ 2019-2020 տարեշրջանին իր ուսումը պիտի շարունակէ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Ան Մեսրոպեան վարժարանի 8-րդ աշակերտն է, որ «YES» ծրագրով ուսումնառութեան կը մեկնի Միացեալ Նահանգներ:

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսը «YES» ծրագիրը որդեգրած է 2002 թուականին. անոր նպատակն է ծանօթացնել ամերիկեան ընկերութիւնն ու արժէքները, ինչպէս նաեւ ստեղծել մշակոյթներու միջեւ յարաբերութիւններ:

Կարապետեան միամեայ կրթական ծրագիրին կողքին, պիտի հետեւի ղեկավարման ծրագիրներու եւ բազմաթիւ երկիրներէ համախմբուած աշակերտներուն պիտի ծանօթացնէ Լիբանանի եւ Հայաստանի արժէքները:

Ռոպեր Թոռանեան` Ալ Պայան Մրցումի Մրցանակակիր
Մեսրոպեանի 11-րդ դասարանի աշակերտ Ռոպէր Թորանեան երրորդ պատուաբեր դիրքը գրաւեց արաբերէն շարադրութեան Ալ Պայան մրցումին, որ ամէն տարի կը կազմակերպուի Կոկիկեան Հիմնարկին կողմէ, քաջալերելու համար արաբերէնի իմացութիւնը հայկական վարժարաններու աշակերտութեան շրջանակին մէջ:

 

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին