Կրասնոտարի բնակիչ մը մէկ օրով վարձակալած է քաղաքային թրամուայը, անով երթուղի դուրս եկած եւ անվճար փոխադրած է ուղեւորները: Այդ մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, Փետրուար 12-ին «Ինթերֆաքս» գործակալութեան յայտնած են Կրասնոտարի հանրային փոխադրամիջոցներու վարչութեան մէջ:
«Քաղաքի բնակիչ Իվան Քալուկինը պայմանագիր կնքած էր եւ մէկ օրով թրամուայը վարձակալած էր թիւ 5 երթուղիին վրայ: Նախօրեակին ան ամբողջ օրը՝ Մոսկուայի ժամանակով մինչեւ 00:55-ը, անվճար ուղեւորներ փոխադրած է»,- ըսած է գործակալութեան զրուցակիցը: Թրամուային փակցուած են յատուկ յայտարարութիւններ: Կրասնոտարցին ինքը Instagram-ի իր էջին վրայ գրած է, որ իր արարքին նպատակը «բարի գործ ընելն է»: «Ամենագլխաւորը ինծի համար այն է, որ մարդիկ ժպտան»,- նշած է Քալուկինը: ԿՏՏՎ-ի մէջ ճշդած են, որ թրամուայը վարձակալելու արժէքը գերազանցած է 50 հազար ռուպլին: Կրասնոտարի մէջ թրամուայով ուղեւորութեան տոմսը կ’արժէ 26 ռուպլի: Քաղաքի թրամուայները օրական կը փոխադրեն մօտաւորապէս 400 հազար ուղեւոր: