Շաբաթ, 08. 02. 2025

spot_img

Նախագահ Մաքրոնի Ապրիլ 24-ը «Հայոց Ցեղասպանութեան Ազգային Յիշատակումի Օր» Յայտարարութիւնը

Տեսակէտ

Քաղաքական Հարթակ

ՎԻԳԷՆ ԹՈՍՈՒՆԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Աշխատակից

Երեքշաբթի 5 Փետրուար 2019-ին Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոն ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու առջեւ խօսած իր ճառին մէջ յայտնեց, թէ Ապրիլ 24-ը պիտի յայտարարէ «Հայոց Ցեղասպանութեան Ազգային Յիշատակումի Օր»: Անշուշտ, այս յայտարարութիւնը ուրախութեամբ ընդունուեցաւ ֆրանսահայութեան եւ համայն աշխարհի հայութեան կողմէ:

Այս քայլը կը համարուի ամրապնդում Ֆրանսայի Խորհրդարանին 2001 թուականին Հայոց Ցեղասպանութիւնը ընդունող որոշումին: Նախագահը իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Ֆրանսան երկիր մըն է, որ ամէն բանէ առաջ գիտէ պատմութեան հետ առերեսուիլ եւ կը դատապարտէ հայ ժողովուրդին ենթարկուած ցեղասպանութիւնը»:  Ըստ Ֆրանսայի հայկական համայնքի ղեկավար դէմք Մուրատ Փափզեանի՝ «Հայոց ցեղասպանութեան հարցին մէջ Ֆրանսան կը համարուի ամենալաւ օրինակը»:

Մինչեւ հոս ամէն ինչ լաւ է: Ինչպէս միշտ, որպէս ժողովուրդ հրճուեցանք այս յայտարարութեան համար եւ հպարտացանք, որ Ֆրանսայի նման մեծ պետութիւն մը անգամ մը եւս յայտնեց իր զօրակցութիւնը մեզի: Խորանալ պէտք է այս յայտարարութեան դրդապատճառներուն, հետեւանքներուն եւ մեր կատարելիք քայլերուն մէջ:

Այս յայտարարութեան տուն տուող պատճառներէն են Մաքրոնի ներքին քաղաքական տագնապը: Երկիրը կը դիմագրաւէ տնտեսական մարտահրաւէրներ, եւ այս յայտարարութիւնը միջոց մըն է ամրապնդելու համար նախագահ Մաքրոնի  դիրքը երկրին մէջ, մանաւանդ դեղին բաճկոնաւորներու շարժումի աշխուժացումէն եւ նախագահին վարկանիշին անկումէն ետք: Կայ նաեւ այս յայտարարութեան արտաքին գործօնը, որ Թուրքիոյ անկախ քաղաքականութեան զսպումի միջոց մըն է: Անցեալ շաբթուան ընթացքին ԱՄՆ-ի նախագահն ալ հայոց ի նպաստ յայտարարութիւն մը կատարած էր: Զուգադիպութի՞ւն է արդեօք: Քաղաքականութեան մէջ զուգադիպութիւններ չկան: Ամէն ինչ նախօրօք համակարգուած է: Էրտողան տարիներէ ի վեր կը վարէ բաւական անկախ քաղաքականութիւն: Արեւմուտքի քաղաքական ղեկավարները ատեն-ատեն  գաւազանին ծայրը ցոյց կու տան Թուրքիային՝ անոր հասկցնելով, որ 1923-ին դրուած համակարգը, որուն միջոցով պարտուած Թուրքիան տէր դարձաւ հսկայածաւալ պետութեան մը, շնորհիւ Արեւմուտքի թոյլտուութեան այն պայմանով, որ ծառայէ անոր շահերուն: Այն օրը որ Թուրքիան կը համարձակի վարել անկախ քաղաքականութիւն, այդ օրն ալ կը սկսի այդ հսկայ պետութեան բաժանումի հոլովոյթը:

Դժբախտաբար կան շատ մը հայեր, որոնք բնազանցականօրէն կը հաւատան, թէ Թուրքիան պարտութիւն չունեցող պետութիւն է: Այս վարկածը կամաց-կամաց ներարկած են մեր մէջ օսմանեան օրերէն՝ ճզմելով հայ անհատին գիտակցական եւ հոգեկան անկախութիւնը: Հայուն ըսած են դարերէ ի վեր, թէ դուն այս դրածոյ համակարգը պիտի ընդունիս ինչպէս որ է: Պիտի չմտածես այդ համակարգի տկար կէտերուն մասին, այլ զայն պիտի ընդունիս ինչպէս որ է: Այս է իսկական ախտը, որմէ պէտք է ձերբազատուինք:

Թուրքիան անշուշտ ընդվզեցաւ ֆրանսական յայտարարութենէն եւ յայտնեց, թէ այս յայտարարութիւնը Մաքրոնի դիմագրաւած ներքին տագնապէն խուսափելու միջոց մըն է: Ո՞վ կու տայ Թուրքիոյ անպատժելի մնալու եւ իր կատարածը չընդունելու առիթը, եթէ ոչ նոյն այդ Արեւմուտքը իր շահերուն համար: Այդ Արեւմուտքը, որ կը յայտարարէ Հայոց ցեղասպանութեան մասին, առիթ կու տայ, որ ոճրագործը նոյնիսկ չընդունի իր կատարածը: Իսկական սքիզոֆրենիայի պարագայ մը:

Կարելի՞ է, որ Ֆրանսան երթայ աւելի առաջ եւ քրէական ոճիր համարէ ցեղասպանութեան ժխտումը: Կասկածելի է այս պարագան, որովհետեւ Արեւմուտքը միշտ պահած է ազատ խօսքի իրաւունքը եւ ցեղասպանութիւնը ժխտելու համար մարդ դատելը, բացի հրէական ցեղասպանութենէն, հեռանկար չունի:

Հարցերը չդիտենք մակերեսէն, այլ խորանանք անոր պատճառներուն եւ հետեւանքներուն մէջ: Նաեւ կատարուած իրողութիւն որպէս չընդունինք մեր վիճակը եւ Թուրքիոյ հզօրութիւնը: Միշտ հաւատանք, որ քաղաքականութիւնը զօրաւորին եւ միտքով ուժեղին կը հպատակի ու յարափոփոխ է: Այսօրուան զօրաւորը կրնայ վաղուան ամենատկարը ըլլալ: Հաւատանք ասոր: Մեր կատարելիք քայլերուն մասին՝ յաջորդիւ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին