Շաբաթ, 08. 02. 2025

spot_img

Յոյսով Եմ, Որ Միացեալ Թագաւորութիւնը Պիտի Աջակցի Լիբանանին՝ Կառավարութեան Քաղաքականութեան Յայտարարութեան «Շարք Մը Կարեւոր Տարրերը» Նուաճելու Համար

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանի Հանրապետութեան մէջ Մեծն Բրիտանիոյ Թագաւորութեան դեսպան Քրիս Ռեմբլինկ յոյս յայտնեց, որ Միացեալ Թագաւորութիւնը ըստ ամենայնի աջակցութիւն պիտի ցուցաբերէ Լիբանանին՝ կառավարութեան վարելիք քաղաքականութեան վերաբերեալ հրապարակուած յայտարարութեան «շարք մը կարեւոր տարրերը» նուաճելու համար:
Լիբանանի Հանրապետութեան վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ Մեծ Սերայլի մէջ հանդիպումին Ռեմբլինկ շնորհաւորեց զինք՝ կառավարութիւնը կազմաւորելուն համար` ըստ Հարիրիի տեղեկատուական գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան:
«Ըստ իս՝ Լիբանանի կառավարութեան քաղաքականութեան վերաբերեալ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ կան շարք մը կարեւոր տարրեր, զորս նուաճելու համար, յոյսով եմ, Միացեալ Թագաւորութիւնը, ինչպէս միշտ, հնարաւորինս պիտի աջակցի Լիբանանին»,- ըսաւ Ռեմբլինկ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին