Չորեքշաբթի, 21. 05. 2025

spot_img

Լիբանանի Մէջ ՄԱԿ-ի Նորանշանակ Համակարգողը Ժամանեց Պէյրութ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանի մէջ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան նորանշանակ համակարգող Եան Քուպիշ ժամանեց Պէյրութ՝ ստանձնելու իր պաշտօնը: Այս մասին Փետրուար 11-ին յայտարարեց ՄԱԿ-ը:
Սլովաքիոյ քաղաքացի Եան Քուպիշ, որ անցեալ ամիս վերոյիշեալ պաշտօնին նշանակուեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշի կողմէ, պիտի փոխարինէ Դանիոյ Թագաւորութեան յատուկ համակարգող Փերնիլ Տահլեր Քարտելը, որ այդ պաշտօնին վրայ կը գործէր 2017-ի Նոյեմբերէն:
«Ես շատ ուրախ եմ Պէյրութ գտնուելուս համար, մանաւանդ որ Լիբանանը բոլորովին նոր փուլ թեւակոխած է կառավարութեան կազմաւորումէն ետք»,- ըսաւ Քուպիշ Պէյրութի Ռաֆիք Հարիրի միջազգային օդակայանին մէջ՝ ըստ ՄԱԿ-ի յայտարարութեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին