«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Իրանի մէջ աւելի քան 1000 քաղաքներու եւ 10 հազար բնակավայրերու մէջ տեղի կ’ունենան տօնական զանգուածային միջոցառումներ՝ նուիրուած Իսլամական յեղափոխութեան 40-ամեակին: Այդ մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, Փետրուար 11-ին յայտնած է «Tasnim» գործակալութիւնը: Ցոյցերը տեղի կ’ունենան առաւօտ կանուխէն, հոծ բազմութիւնը փողոց դուրս եկած է իրանական դրօշներով եւ պաստառներով: Ցոյցի մասնակիցներէն շատերը կը բացագանչեն կարգախօսներ, այդ կարգին՝ «Մահ Ամերիկային»:
Ցուցարարները Թեհրանի մէջ զբաղեցուցած են Ազատի խոշորագոյն հրապարակը, ուր աւելի ուշ ելոյթ կ’ունենայ Իրանի նախագահ Հասան Ռոուհանին:
Իրանի մէջ ընթացող տօնակատարութեան հարիւրաւոր գիտնականներ, քաղաքական գործիչներ եւ լրագրողներ ժամանած են այլ երկիրներէ: Միջոցառումներուն շարքային քաղաքացիներուն հետ միասին կը մասնակցին իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատար անձինք եւ զինուորականներ: Իսլամական յեղափոխութեան 40-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւնը սկսած է Փետրուար 1-ին. 1979 թուականին այդ օրը այաթոլլա Խոմեյնին՝ Իսլամական յեղափոխութեան առաջնորդը, Փարիզէն Թեհրան ժամանած էր 15-ամեայ վտարանդիութենէ ետք, հաղորդած է «Ինթերֆաքս»-ը: