«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Թրքական ոստիկանութիւնը արգիլած է ընդդիմադիր «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» (HDP) երթը:
Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, կը յայտնէ թրքական demokrathaber.org-ը:
Կուսակցութեան ներկայացուցիչները կը ցանկային երթ իրականացնել Իսթամպուլի մէջ` ի պաշտպանութիւն HDP պատգամաւոր Լեյլա Կիւվենի, որ արդէն 96 օրէ հացադուլի մէջ է:
Լեյլա Կիւվենը, ինչպէս քրտամէտ կուսակցութեան միւս ձերբակալուած անդամները, ձերբակալուած էր «ահաբեկչութեան օժանդակելու, ահաբեկչական կազմակերպութիւն ստեղծելու, ահաբեկչութեան քարոզ իրականացնելու եւ այլն» յատկանիշներով:
Կիւվենը հացադուլը սկսած է ի պաշտպանութիւն բոլոր քաղաքական բանտարկեալներուն։ Ան հացադուլը սկսած էր դեռ բանտը, մինչեւ պայմանականօրէն ազատ արձակուիլը: