Կիրակի, 20. 04. 2025

spot_img

Գաղթականներու Հարցերով Նորանշանակ Նախարարը Կը Մերժէ Թոյլատրել Գաղթականներու Վերաբնակեցումը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Գաղթականներու հարցերով նորանշանակ նախարար Սալեհ Ղարիպ յայտարարեց, որ իր նախարարութիւնը ամբողջապէս կը մերժէ թոյլատրել գաղթականներու վերաբնակեցումը կամ առհասարակ անոնց ներգրաւումը լիբանանեան համայնքներուն մէջ:
Ղարիպ կը յայտնէ, որ գաղթականներու հարցերով նախարարութեան համար առաջնային պիտի ըլլայ գաղթականներու ապահով տունդարձը լիբանանեան օրինական սահմանադրութեան ծիրէն ներս՝ շեշտելով նպատակայարմար համակարգի մը անհրաժեշտութիւնը՝ այս ծրագիրը հեզասահ ընթացքի մէջ դնելու եւ կարգաւորելու համար:
Նախարարը յոյս յայտնեց նաեւ, որ նման համակարգի շուրջ համաձայնութիւնը պիտի կայանայ նախքան Պրիւքսելի  III համաժողովը՝ Սուրիոյ եւ տարածաշրջանի աջակցութեան միտուած երկօրեայ հանդիպումը, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ ամիս:   

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին