«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ազրպէյճանի մէջ Փետրուար 11-ին ձերբակալուած է Մինկեչաուրի բնակիչ Ալեքպերով Անար Վակիֆ օղլուն, որ կը կասկածուի լրտեսութեան մէջ: Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, կը յայտնեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները:
Ալեքպերովը կը կասկածուի օտարերկրեայ յատուկ ծառայութիւններուն Ազրպէյճանի տարբեր պետական մարմիններու աշխատակիցներուն, բանակին եւ արտասահմանի մէջ տարբեր կապեր ունեցող ազրպէյճանցի պաշտօնեաներուն մասին տեղեկութիւններ տալուն համար:
Տեղեկութեան համաձայն` կասկածեալը ընդունած է իր մեղքը եւ ձերբակալուած: