Երեքշաբթի, 22. 04. 2025

spot_img

«104 Տարի է Արդարութեան կը Սպասենք». Կարօ Փայլան Պատասխանած է Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ Էրտողանի Խօսնակի Յայտարարութեան

Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան անդրադարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի յայտարարութիւնը քննադատած Թուրքիոյ նախագահի մամուլի խօսնակ Իպրահիմ Քալընին: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը։

Ինչպէս յայտնի էր, Քալըն յայտարարած էր, թէ «այսպէս կոչուած Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պնդումները քաղաքական սուտ են»։

Արձագանգելով այդ յայտարարութեան՝ Փայլանը Twitter-ի մէջ կատարած է երկու գրութիւն։ Առաջինով հարց յղած է Էրտողանի խօսնակին.

«Եթէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը քաղաքական սուտ է, ուրեմն ինչո՞ւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը 5 տարի շարունակ Ապրիլ 24-ին հայ ժողովուրդին ցաւակցական ուղերձ կը յղէ»:

Յաջորդ արձանագրութեան մէջ՝ Փայլան յայտնած է հետեւեալ միտքը.

«Պետութեան որոշումով այս հողերէն աքսորուած եւ կոտորուած հայ ժողովուրդին մեծ ողբերգութեան հետ Թուրքիան չէ առերեսուած եւ անուանում չէ տուած… Տեղի ունեցածը նախ եւ առաջ Թուրքիոյ խորհրդարանի եւ նախագահի խնդիրը պէտք է ըլլայ, պէտք է առերեսուիլ եւ անուն տալ տեղի ունեցածին… 104 տարի է արդարութեան կը սպասենք»:

Յիշեցնենք, որ Փետրուար 5-ին, Ֆրանսայի հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման մը ընթացքին, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը յայտարարած էր, որ Ապրիլ 24-ը պիտի դառնայ «Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակման ազգային օր»։ Մաքրոն նշած էր, որ իր այս նախաձեռնութիւնը պիտի սկսի գործել յաջորդ Ապրիլ 24-էն։

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին