Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Յարութ Գնդունի Կը Բեմադրէ «Ակամայ Ստախօսը», ՀԵԸ-ի Վահրամ Փափազեան Թատերախումբով

Պէյրութի ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբը հիմնուած է 1959-ին, որուն առաջին բեմադրիչը եղած է յայտնի արուեստագէտ Պերճ Ֆազլեանը՝ հիմնադիր անդամներ ունենալով խումբ մը թատերասէր երիտասարդներ։

Թատերախումբը մինչեւ օրս ունեցած է 10 բեմադրիչներ՝ Պերճ Ֆազլեան, Գրիգոր Սաթամեան, Վաչէ Ատրունի, Վաչէ Տօներեան, Յարութ Գնդունի, Վիգէն Ստեփանեան (Հայաստանէն հրաւիրեալ), Արտաշես Յովհաննէսեան (Հայաստանէն հրաւիրեալ), Գրիգոր Տէկիրմենճեան, Երուանդ Ղազանճեան (Հայաստանէն հրաւիրեալ) եւ Վարդան Մկրտիչեան։

Այս տարի՝ 2019-ին, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ ՀԵԸ-ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբը ղեկավարելու համար հրաւիրուած է լիբանանահայ ծանօթ բեմադրիչ Յարութ Գնդունին։ Ինչպէս գիտենք, Յ. Գնդունին 2013–2018 կը ղեկավարէր իր իսկ հիմնած «Մհեր Մկրտչեան» թատերախումբը, որուն հետ բեմ հանած էր կարգ մը թատերախաղեր, ինչպէս՝ «Երկու կին, մէկ ամուսին», «Անկոչ հիւրը», «Ֆանի Մամի» եւ «Թակարդը»։ Սոյն բեմադրութիւններուն մասին մամուլը լայնօրէն արձագանգած էր եւ գնահատականը տուած էր Գնդունիի արուեստի բծախնդրութեան։

Յ. Գնդունի ՀԵԸ-ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբով պիտի բեմադրէ անգլիացի թատերագիր Մայքլ Գունիի «Ակամայ ստախօսը» կատակերգութիւնը, որուն թարգմանութիւնը կատարած է բեմադրիչը։ Մայքլ Գունին ծնած է 1967-ին Անգլիա։ Ան հեղինակ է 7 ֆիլմերու, ունի 4 թատերախաղեր, գրած է վէպ մը, եւ հեղինակ է նաեւ շատ մը մանկական գիրքերու։ Մայքլ Գունի զաւակն է անգլիացի յայտնի կատակերգակ, բեմադրիչ, դերասան եւ թատերագիր Ռէյ Գունիի։

«Ակամայ ստախօսը» կատակերգութիւնը, ըստ բեմադրիչ Յարութ Գնդունիի, սուտի վրայ հիմնուած «Ֆարս» մըն է, ուր ցոյց կը տրուին մարդկային ընկերութեան մէջ գործող անհեթեթ երեւոյթները եւ կատակերգութեան վերջաւորութեան, հեղինակը կ’ուզէ յիշեցնել, որ գործող ապահովագրական ընկերութիւնները մեծ մասամբ ճարպիկ ու խորամանկ պաշտօնեաներէ կազմուած են, որոնք լեզու կը թափեն յաճախորդ որսալու համար։

Ըստ բեմադրիչին՝ կատակերգութեան նիւթը հետեւեալն է. Էրիք անունով անձ մը, որ անգործ մնացած է, իր կնոջ կը ձեւացնէ, թէ ինք ամէն օր գործի կ’երթայ։ Ան իր նախկին վարձակալին անունով, ապահովագրական ընկերութենէ կը ստանայ դրամական օժանդակութիւն։ Էրիքը ստեղծած է անգոյ ծերեր եւ հիւանդներ, որոնք իբրեւ թէ իր տունը կ’ապրին ու անոնց անունով, յիշեալ ապահովագրական ընկերութենէն դրամական օգնութիւն կը ստանայ։ Անդրադառնալով իր սխալին՝ ան կ’որոշէ իր ստեղծած հիւանդներն ու ծերերը մէկ առ մէկ մեռցնել։ Կը հեռաձայնէ ապահովագրական ընկերութիւն՝ ըսելով, որ իր «հիւանդ վարձակալ»-ը մահացած է, ու ասկէ ետք պէտք չունի դրամական օգնութեան։ Ապահովագրական ընկերութենէն քննիչներ կու գան … ու հոս կը սկսի կատակերգութեան «քոնֆլիքթ»-ը։

«Ակամայ ստախօսը» կատակերգութեան մէջ դերեր վերցուցած են ՀԵԸ-ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբի փորձառու եւ նոր անդամները, ինչպէս՝ Յարութ Թորոսեանը, Յարութ Մանուկեանը, Եղիկ Աւետիքեանը, Հուրի Պապահէքեանը, Դանիէլ Քէօրօղլեանը, Վիգէն Քէօշկէրեանը, Ցոլին Գարճիգեանը, Արմէն Մաճարեանը, Կարինէ Ներսէսեանը եւ Մարիա Մկրտիչեանը։

Ներկայացումները տեղի պիտի ումենան  Մարտ 22 (ԿԱԼԱ),  23, 24, 29, 30, 31-ին Պուրճ Համուտի Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահին մէջ։

ՀԵԸ-ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբի 60-ամեայ գործումէութեան յաղթական վերելքին առթիւ, սրտանց կ’ողջունենք բոլոր նախկին եւ նոր անդամները եւ կը մաղթենք, որ «փափազեանական» ջահը անմար մնայ։ Յաջողութիւն նաեւ բեմադրիչ Յարութ Գնդունիին։

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին