«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի մարդասիրական խումբը, որ կը բաղկանայ ականազերծողներէ, բժիշկներէ եւ անոնց անմիջական անվտանգութիւնը ապահովող հայ մասնագէտներէ (ընդհանուր` 83 անձ) երէկ ժամանած է Սուրիա (ք. Հալէպ):
ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան կը տեղեկացնէ, որ հայ մասնագէտները Հալէպի բացառապէս ռազմական գործողութիւններէ զերծ բնակավայրերու մէջ պիտի տանին մարդասիրական ականազերծման, բնակչութեան հակաականային իրազեկման, բժշկական ծառայութիւններու մատուցման մարդասիրական գործունէութիւն:
Սուրիոյ տարածքին մէջ հայ մասնագէտներու տեղաւորման, անոնց կարգավիճակի, գործառոյթներու եւ անվտանգութեան հետ կապուած հարցերը կարգաւորուած են ՀՀ օրէնսդրութեան համաձայն:
Հայ մասնագէտներու տեղափոխութեամ, ինչպէս նաեւ ապահովման խնդիրները կ՛իրականացուին ռուսական կողմի աջակցութեամբ:
Պաշտպանութեան նախարարութեան խօսնակը յիշեցուցած է, որ Հայաստանի կողմէ Սուրիոյ ժողովուրդին մարդասիրական մասնագիտական օժանդակութիւն ցուցաբերելու որոշումը տորուած է` հաշուի առնելով Սուրիոյ եւ յատկապէս Հալէպի մէջ ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով ստեղծուած մարդասիրական ծանր վիճակը, ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի բանաձեւերը, սուրիական կողմի գրաւոր խնդրանքները, ինչպէս նաեւ Հալէպի մէջ մեծաթիւ հայկական համայնքի առկայութիւնը: