«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Տեղի ունեցած է ՀՀ կառավարութեան արտահերթ նիստը, որ վարած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ գործադիրը հաւանութիւն տուած է Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան ծրագիրին:
Յառաջիկայ հինգ տարիներուն ՀՀ կառավարութեան գործունէութիւնը միտուած պիտի ըլլայ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ բարձր արհեստագիտական, արդիւնաբերական, ինչպէս նաեւ բնապահպանական բարձր չափանիշներուն համապատասխանող, արտահանումի միտուած մրցունակ եւ ներառական տնտեսութիւն կառուցելուն: Այդ նպատակին հասնելու համար առանցքային նշանակութիւն ունին, մասնաւորապէս Հայաստանի արտաքին եւ ներքին անվտանգութեան ապահովումը, Արցախի անվտանգութեան երաշխաւորումը եւ շարունակական ամրապնդումը, Հայաստանի Հանրապետութեան զարգացման նպատակին շուրջ համախմբումը, կառավարութեան հաշուետուողականութիւնն ու թափանցիկութիւնը, կաշառակերութեան հանրային մերժումը եւ կաշառակերութենէ զերծ հանրութիւնը, քաղաքականութեան եւ առեւտուրի գործնական տարանջատումը, տնտեսական գործունէութեան համընդհանուր հասանելիութիւնը, ներդրումային միջավայրի գրաւչութիւնը, աշխատանքի եւ ներդրումներու քաջալերումը, կրթութեան եւ առողջ ապրելակերպի քաջալերումը:
Ինչպէս նշած է ՀՀ փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանը, իրականացուած են խմբագրական աշխատանքներ, առաւելագոյնս մշակուած են յաջող առաջարկները ծրագիրի նախագիծին մէջ ներառելու համար: «Ծրագրի հետ կապուած անելիքների գործիքակազմը եւ թուային ցուցանիշներն արտացոլուած կը լինեն ոլորտային ծրագրերում, որոնք կը մշակուեն կառավարութեան ծրագրի հաստատումից անմիջապէս յետոյ»,– ըսած է փոխվարչապետը:
Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ կառավարութեան ծրագրի նախագիծի հրապարակումէն ետք եղած են որոշակի արձագանգներ, որոնք կառավարութեան մէջ աշխատանքային կարգով քննարկուած են:
«Այդ քննարկումը մեզ օգնեց եւս մէկ անգամ արձանագրել, որ կառավարութեան այս ծրագիրը լիարժէք համապատասխանում է մեր ունեցած հայեցակարգային պատկերացումներին:
Մեր հայեցակարգային պատկերացման համար անկիւնաքարային նշանակութիւն ունի հետեւեալը. մենք հռչակել ենք տնտեսական յեղափոխութեան հայեցակարգը եւ այս ծրագով ազդարարում ենք տնտեսական յեղափոխութեան մեկնարկը՝ արձանագրելով, որ կառավարութեան գործառոյթը շարունակում է մնալ նոյնպիսին, ինչպիսին եղել է Հայաստանում ոչ բռնի, թաւշեայ, ժողովրդական յեղափոխութեան քաղաքական հարթակի պատասխանատուութիւնը, եւ դա հնարաւորութիւններ ստեղծելն է: Ես ուզում եմ, որ մենք շատ յստակ արձանագրենք՝ կառավարութիւնն իրեն համարում է այս գործընթացի կարեւոր մասնակիցներից մէկը, կազմակերպիչը, որի հիմնական առաքելութիւնը հնարաւորութիւններ ստեղծելն է եւ մարդկանց, Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներին, ֆիզիքական եւ իրաւաբանական անձանց քաջալերել, որպէսզի նրանք օգտուեն այդ հնարաւորութիւններից: Կառավարութեան առանցքային դերակատարումն այն է, որ այդ հնարաւորութիւնները լինեն ոչ թէ դեկլարատիւ, այլ կիրառելի: Եւ մարդիկ իսկապէս կարողանան ռեալ տեսնել, շօշափել այդ հնարաւորութիւնները, որոնք պէտք է ապահովուած լինեն կիրառման համապատասխան գործիքակազմով»,- ըսած է կառավարութեան ղեկավարը:
Նիկոլ Փաշինեան յայտնած է նաեւ, որ յառաջիկային Ազգային ժողով կը ներկայացուին կառավարութեան նոր կառուցուածքին մասին նախագիծը, Հարկային օրէնսգիրքը, որ շատ կարեւոր նշանակութիւն ունի այս առումով, ինչպէս նաեւ Հարկային օրէնսգիրքի ծիրէն բխող մի քանի օրէնսդրական նախաձեռնութիւններ: