«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանի մարոնի համայնքի պատրիարք Պշարա Ռաաի «Ալ Ժումհուրիա» տեղական օրաթերթին տուած հարցազրոյցին մէջ վրդովում յայտնեց՝ ըսելով, որ Լիբանանի մէջ կաշառակերութեան այժմու մակարդակը աննախադէպ է:
«Լիբանանի բովանդակ պատմութեան մէջ կաշառակերութիւնը ցա՛րդ այս մակարդակին չէ հասած,- «Ալ Ժումհուրիա»-յի հետ հարցազրոյցին ըսաւ պատրիարք Ռաաի եւ շարունակեց:- Կաշառակեր պաշտօնատարները, այսպէս կոչուած, կ’օրինականացնեն կաշառակերութիւնը՝ իւրացնելով երկրի հարստութիւնն ու «փշրանքները» տալով ժողովուրդին»:
Ռաաի աւելցուց, որ ինք դժգոհ է քաղաքական դասի՝ սոյն հարցով զբաղելու եղանակէն՝ շեշտելով, որ չնայած պետական բարձր պարտքին՝ քաղաքական գործիչները չեն մտադրեր գործել:
Այնուհետեւ պատրիարքը բարձր գնահատեց նոր կառավարութեան կազմաւորումը 9-ամսեայ փակուղիէ ետք, սակայն իսկոյն ընդգծեց, որ նախարարաց խորհուրդը պարտի կատարել վատնուած ժամանակի հատուցումը: Իսկ դիմելով նախարարներուն՝ Ռաաի թելադրեց, որ անհարկի չօգտագործեն իրենց նախարարութիւններուն պաշարները եւ կասեցնեն պետական պիւտճէի մսխումը: