Հինգշաբթի, 10. 10. 2024

spot_img

Արաբական Պետութիւններու Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը Երկուշաբթի Կը Ժամանէ Լիբանան

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Արաբական պետութիւններու լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմատ Ապուլ Ղեյթ Երկուշաբթի կը ժամանէ Լիբանան, ինչպէս կը հաղորդէ Պաապտայի նախագահական պալատին մօտ աղբիւր մը:
Աղբիւրը նաեւ յայտնեց «The Daily Star» լրատուական գործակալութեան, որ Ապուլ Ղեյթի այցելութեան նպատակն է շնորհաւորել Լիբանանի բարձրաստիճան պաշտօնատարները կառավարութեան կազմաւորման առիթով, որ տեղի ունեցաւ Յունուար 31-ին շուրջ 9-ամսեայ փակուղիէ ետք:
Տեղական օրաթերթը՝ «Ալ Ժումհուրիա»-ն, հաղորդեց, որ այցի ծիրին մէջ Ապուլ Ղեյթ Լիբանանի պաշտօնատար անձանց հետ պիտի ունենայ քննարկումներ Արաբական պետութիւններու լիկային հետ կապուած հարցերու շուրջ, ներառեալ Սուրիոյ Հանրապետութեան հաւանական վերադարձը տարածաշրջանային կազմակերպութեան:
Նշենք, որ Ապու Ղեյթի այցը կը համընկնի Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մուհամմատ Ճաւատ Զարիֆի՝ Լիբանանի Հանրապետութիւն այցին: Վերջինս հանդիպում պիտի ունենայ նախագահ Միշէլ Աունի եւ արտաքին գործոց նախարար Ժպրան Պասիլի հետ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին