Երեքշաբթի, 22. 04. 2025

spot_img

Քոսովոյի Ղեկավարը Պատրաստ Է Զոհաբերելու Տարածքի Մէկ Մասը Յանուն Պելկրատի Հետ Համաձայնութեան

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Քոսովոյի ղեկավար Հաշիմ Թաչին պատրաստ է զոհաբերելու ինքնահռչակ կազմաւորման տարածքին մէկ մասը յանուն Պելկրատի հետ վերջնական համաձայնութեան: Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, ան յայտարարած է Ուաշինկթըն կատարած իր այցին ընթացքին, որուն մասին Փետրուար 6-ին յայտնած է Քոսովոյի «Gazeta express» թերթը:

«Եթէ սահմանի փոքր շտկումը վերջնական համաձայնութեան գինն է, այդ պարագային անիկա պէտք է ընդունելի ըլլայ»,- յայտարարած է Թաչին: Միեւնոյն ժամանակ ան ընդգծած է, որ Քոսովսքա Միթրովիցա քաղաքի հիւսիսային մասը, Կազիվոտէ ջրամբարը ելեկտրակայանով եւ Թրեփչա հանքահարստացուցիչ արդիւնաբերական ձեռնարկութիւնը կ’ըլլան ալպանական, եւ այդ մէկը չի քննարկուիր:

Թաչին նաեւ կարծիք յայտնած է, որ Ռուսիան «պատրաստ է ընդունելու այն համաձայնութիւնը, որուն կը հասնին» կողմերը: Միաժամանակ չճանչցուած Հանրապետութեան ղեկավարը չի թաքցներ, որ համաձայնութեան գլխաւոր նպատակը Պելկրատի կողմէ Փրիշթինայի պաշտօնական ճանաչումն է եւ անկէ ետք Քոսովոյի անդամակցումը ՄԱԿ-ին: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է ԱՄՆ-ին համակողմանի աջակցութեան համար եւ հաւաստիացուցած է, որ  «պիտի չընդունի այն համաձայնութիւնը, որ ընդունելի չըլլար Ուաշինկթընի համար», հաղորդած է «ԹԱՍՍ»-ը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին