«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ՀՀ վերաքննիչ դատարանը մերժեց ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի պաշտպաններուն բողոքները՝ խափանման միջոցի վերաբերեալ առաջին ատեանի դատարանի որոշումը ձգելով անփոփոխ. Քոչարեանը պիտի մնայ կալանքի տակ: Ըստ Armenpress.am-ի՝ այս մասին, այսօր, լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է Գլխաւոր դատախազութեան յատկապէս կարեւոր գործերով քննութեան նկատմամբ հսկողութեան վարչութեան ղեկավար Վահագն Մուրատեան:
«Որոշումը հրապարակուեցաւ: Ռոպերթ Քոչարեանի պաշտպաններուն բողոքները ամբողջութեամբ մերժուած են: Քոչարեանը պիտի շարունակէ մնալ կալանքի տակ»,- ըսած է Մուրատեան:
ՀՀ վերաքննիչ քրէական դատարանին մէջ գործը կը քննէր դատաւոր Մնացական Յարութիւնեան: