«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Թուրքիոյ քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» (HDP-ԺԴԿ) հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան օրեր առաջ Տիարպեքիրի Սիլուան շրջանին մէջ հայկական գանձեր որոնող ոստիկաններու հարցը բարձրացուցած է խորհրդարանին մէջ: Վկայակոչելով «Demokrathaber»-ը՝ Ermenihaber.am-ը կը նշէ, որ հայ պատգամաւորը Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլուին ուղղուած գրաւոր հարցադիմում ներկայացուցած է խորհրդարանին: Հարցադիմումին մէջ Փայլան թեմային վերաբերեալ Սոյլուին յղած է հետեւեալ հարցերը.
«1. Ի՞նչ տեղեկութիւններ կան, որ «հայերուն պատկանող թաղուած ոսկիները գտնելու նպատակով փոսեր փորած» անվտանգութեան աշխատակիցները ինչքան ժամանակ նման գործունէութիւն ծաւալած են, քանի փոս փորած են եւ մինչ այսօր ինչ քանակով հայկական թաղուած/թաքցուած իրեր գտած են:
- Հայկական եւ յունական մշակութային ժառանգութեան նմուշներ ու թաղուած թանկարժէք իրեր մնացած շրջաններու ոստիկանութեան աշխատակիցներուն նկատմամբ վերոնշեալ գործունէութեամբ զբաղելու համար քանի՞ իրաւական գործընթաց նախաձեռնուած է:
- Արդեօ՞ք սկսած է հետաքննութիւն այն պնդումներուն վերաբերեալ, ըստ որոնց՝ քաղաքացիներուն մուտքը արգիլուած է այնպիսի շրջաններու մէջ, ինչպէս Սուրը, այլ ոստիկանութեան աշխատակիցներ գանձախուզութեամբ կը զբաղին:
- Նախարարութիւնը ի՞նչ միջոցներու կը ձեռնարկէ գանձախուզութեան դէմ, որ մեծ վնաս կը հասցնէ մեր երկրի պատմական հարստութիւններուն:
- Ի՞նչ կը մտածէք պատմական ժառանգութիւն հանդիսացող իրերու գողութիւններուն ու գանձախուզութեան դէմ պայքարին դէմ աւելի արդիւնաւէտ պայքարելու համար քրէական օրէնսգիրքին մէջ լրացուցիչ յօդուածներ աւելցնելու մասին»:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ Տիարպեքիր նահանգի Սիլուանի շրջանի պատմական շէնքերէն մէկուն բակին մէջ հայերէ մնացած գանձեր գտնելու յոյսով ձերբակալուած է անօրինական «պեղումներ» իրականացնող խումբ մը: Պարզուած է, որ գանձախոյզներէն 4-ը Տիարպեքիրի նահանգի Սիլուան շրջանի ոստիկանութեան աշխատակիցներ են: Ձերբակալուածներուն մէջ է նաեւ Սիլուանի շրջանի ոստիկանապետ Օմեր Օզթուրքը: Ձերբակալուածներուն մեղադրանք առաջադրուած է շրջակայ միջավայրին վնաս հասցնելու յօդուածի յատկանիշներով: