ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Կիրակի, 27 Յունուար 2019-ին, Պոլսահայ Միութեան «Գրիգոր եւ Աւետ Քիւրքչիւօղլու» սրահը լի էր գրասէր եւ ընթերցասէր հասարակութեամբ, որոնք ներկայ էին «Ջուլհակ հօր տղան» գիրքի շնորհահանդէսին, որուն հեղինակն է Միութեան քարտուղարուհի՝ Մարիէթ Մինասեան-Օհանէս: Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Պոլսահայ Միութեան Մշակութային յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ: Բացումը եւ հանդիսավարութիւնը կատարեց Մշակութային յանձնախումբի ատենապետ՝ Տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան:
Գեղարուեստական բաժնով բեմ բարձրացան Լիլի Տապպաղեան՝ ջութակով եւ Տիկ. Աստղիկ Տատուրեան՝ ասմունքով:
Ամպիոն հրաւիրուեցաւ կրթական մշակ, ՀԲԸՄ-ի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի հայ գրականութեան, պատմութեան եւ հոգեբանութեան ուսուցչուհի՝ Տիկ. Ռոզալին Մատոյեան, որ հրաշալիօրէն եւ յուզումով ներկայացուց հատորը: Անոր վերլուծումը ջերմօրէն գնահատուեցաւ հանդիսականներուն կողմէ:
Մեներգի բաժինն ալ խանդավառութիւն ստեղծեց հանդիսականներուն հոգիներէն ներս, երբ Տոքթ. Աւետիքեան մեներգեց «Հայ ֆետայիներ» եւ «Մի պախրա տեսայ» երգերը:
Խօսք առին նաեւ Մարիէթ եւ Պետրոս Օհանէս ամոլը, իրենց շնորհակալիքն ու սրտի խօսքերը փոխանցելով ներկաներուն: Ապա, վերապատուելի Յովհաննէս Մելքոնեանի եւ անոր կողակիցին՝ Տիկ. Ժանէթ Մելքոնեանի դպրոցական կեանքէ առնուած դրուագներով եւ փակման աղօթքով աւարտեցաւ ձեռնարկը:
Պոլսահայ Միութեան Մշակութային յանձնախումբի կողմէ՝ Տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան հեղինակին յանձնեց յուշանուէր մը, առ ի գնահատանք իր նորատիպ հատորին:
Գիրքին գինեձօնի գեղեցիկ արարողութիւնը կատարուեցաւ, որուն մասնակցեցան Պոլսահայ Միութեան Գործադիր յանձնախումբի ատենապետ՝ Տոքթ. Մուրատ Քէօշքէր, նախկին ատենապետ՝ Արամ Գոչումեան, ներկաներէն՝ Տիկ. Գարայեան եւ յայտագրին մասնակիցները:
Ձեռնարկի աւարտին հատուեցաւ կարկանդակը եւ հեղինակը մակագրեց իր գիրքերը, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ նկարահանում եւ պատշաճ հիւրասիրութիւն:
Նշենք, թէ սոյն հատորին լրիւ հասոյթը նուիրուեցաւ Միութեան Մշակութային ֆոնտին:
Յ.Գ.ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ