Չորեքշաբթի, 6 Փետրուար 2019-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս շնորհակալական ու գնահատանքի նամակ մը յղեց Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնին՝ ջերմօրէն ողջունելով Ապրիլ 24-ը Ֆրանսայի մէջ «Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի ազգային օր» հռչակելու իր որոշումը:
Նորին Սրբութիւնը իր նամակին մէջ ընդգծելով նախագահ Մաքրոնի սոյն որոշումին յատուկ կարեւորութիւնը՝ կ’ըսէ. «Մենք խորապէս կը հաւատանք, որ այս որոշումը պերճախօս արտայայտութիւնն է Ձեր ունեցած ամուր կապուածութեան արդարարութեան, մարդկային իրաւանց, պատմական անհերքելի իրողութեան եւ 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութեան ճանաչման անհրաժեշտութեան»:
Վեհափառ Հայրապետը իր նամակը կ’եզրակացնէ՝ յայտնելով, որ նախագահին այս որոշումը շօշափելի արտայայտութիւնն է այն բարեկամական կապերուն, որոնք կը միացնեն ֆրանսացի եւ հայ ժողովուրդները: