Երեքշաբթի, 18. 02. 2025

spot_img

Նախարարաց Խորհուրդը Հաստատեց Կառավարութեան Վարելիք Քաղաքականութեան Մասին Յայտարարութիւնը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Նախարարաց խորհուրդը հաստատեց կառավարութեան վարելիք քաղաքականութեան մասին յայտարարութիւնը, ինչը ուղի պիտի հարթէ խորհրդարանի վստահութեան քուէին:
Հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Աունի գլխաւորութեամբ եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ նախարարաց խորհուրդի նիստը Պաապտայի պալատին մէջ, ուր նախարարները քննարկելէ ետք կառավարութեան քաղաքականութեան յայտարարութեան նախագիծը, վերջնականապէս հաստատեցին զայն:
Նշենք, որ 10 անդամէ բաղկացած նախարարական յանձնաժողովը այս շաբթուան սկիզբէն ամէնօրեայ դրութեամբ հանդիպումներ ունեցաւ: Երեքշաբթի յանձնաժողովի անդամները հաւանութիւն տուին փաստաթուղթի տարբերակներէն մէկուն՝ որոշ յօդուածներու մէջ փոփոխութիւններ կատարելէ ետք:
«Կառավարութեան քաղաքականութեան յայտարարութիւնը կ’ընդգրկէ բոլոր հրատապ թեմաները, եւ մենք յոյսով ենք, որ առկայ խնդիրները կը յանգին յարմարագոյն լուծումի՝ առանց ժամանակի վատնումի»,- նախարարաց խորհուրդի նիստի մեկնարկին ըսաւ նախագահ Աուն՝ ըստ նախագահական գրասենեակի հրապարակած յայտարարութեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին