ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Շաբաթ, Փետրուար 2-ի կէսօրին, Չեւի Չէյս Քաունթրի Քլապին մէջ՝ Կլենտէյլ, տեղի ունեցաւ աւանդութիւն դարձած երրորդ ճարտասանական միջ-դպրոցական մրցանքը, մասնակցութեամբ Լոս Անճելըսի հինգ հայկական երկրորդական վարժարաններուն։
Ինչպէս նախորդ տարիներուն, մրցակցութիւնը շատ սուր էր բոլորին միջեւ։ Այս տարի հայերէնով անոնք պէտք է խօսք առնէին հայերէն լեզուի կարեւորութեան մասին, իսկ անգլերէնով՝ Թաւշեայ յեղափոխութիւնն էր թեման։
Դատաւորներն էին ՀՀ Գլխաւոր հիւպատոս Դոկտ. Արմէն Բայբուրդեան, հասարակական գործիչ Յարութ Սասունեան եւ Տոքթ. Այտա Ռշտունի Ճուհարեան՝՝ հայերէնի պարագային, իսկ անգլերէնի՝ Դոկտ. Ռիչըրտ Յովհաննիսեան, Դոկտ. Շուշան Կարապետեան եւ Լոս Անճելըսի քաղաքային խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեան։
Նախքան մրցումը խօսք առին կազմակերպիչներ Թենի Յարութիւնեան, Թենի Կարապետեան, Փիթըր Պաղտասարեան եւ հանդիսավար Ալիս Պետրոսեան։
Մրցումը անցաւ խիստ լարուած, սակայն մրցունակ պայմաններու տակ։ Իսկապէս շնորհաւորելի են բոլոր աշակերտները, սակայն, աւարտին պէտք էր յաղթէր երկու հոգի։ Դատական կազմին որոշումով, այս տարի հայերէն լեզուով մրցոյթը յաղթեց Նարեկ Պօղոսեան (Փիլիպոս վարժարան), իսկ անգլերէնը՝ Վահէ Տեմիրճեան (ՀԲԸՄ Վ. եւ Թ. Մանուկեան վրժ.)։
Մասնակից միւս երեք վարժարաններն էին՝ Մեսրոպեան, Ֆերահեան եւ ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան։
Մեր շնորհաւորութիւնները։
Թ.