Չորեքշաբթի, 18. 06. 2025

spot_img

Կարօ Փայլան Իր Համերաշխութիւնը Յայտնած է Տիարպեքիրի Մէջ Հացադուլ Յայտարարած Քիւրտ Կին Գործիչին

Համացանցի Վրայ

Թուրքիոյ քրտական «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան իր համերաշխութիւնը յայտնած է քրտական «Ժողովրդավարական հասարակութեան քոնկրէս»–ի կին համանախագահ Լէյլա Կիվուէնին։

Փայլան, Twitter–ի իր էջին մէջ լուսանկար հրապարակած է ու գրած,- «91 օր հացադուլի մէջ գտնուող Լէյլա Կիվուէնի համար համերաշխութեան հերթապահութեան մէջ ենք»։

Նշենք, որ կալանքի տակ գտնուած Լէյլա Կիվուէնը՝ Ապտուլլահ Օճալանի դէմ իրականացուող սահմանափակումներուն դէմ՝ հացադուլ սկսած էր։ Օրեր առաջ, դատարանը անոր առողջական վիճակը հաշուի առնելով՝ ազատ արձակած է, սակայն ան տան մէջ կը շարունակէ հացադուլը։ Կին գործիչը կը պահանջէ վերջ դնել Ապտուլլահ Օճալանի հետ հանդիպումներու արգելքին եւ արտօնել անոր հետ շփուիլ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին