«Գաւառը» Լուսարձակի Տակ – 13 –
ՎԱՀԱՆ ԱՆՏՈՆԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Աշխատակից
Լոռիի մարզային փրկարարական վարչութեան ներկայացուցած տուեալներով՝ 2018 թուականին արտակարգ դէպքերու թիւը 2017-ի հետ համեմատած աւելցած է 283-ով եւ կազմած 1258 պատահար: Զոհերու թիւը բարեբախտաբար անցեալ տարուան համեմատ պակսած է տասով եւ կազմած 35 զոհ: Նիւթական վնասը կազմած է աւելի քան 135 միլիոն դրամ, որ 42.5 միլիոնով պակաս է նախորդ տարուան թիւէն:
Արտակարգ դէպք ըսելով պէտք է հասկնալ լեռներէն քարակտորներու թափում, որուն հետեւանքով միջքաղաքային` Վանաձոր-Ալավերտի ճանապարհի փակում, նաեւ ջրհեղեղ, հրդեհ, ինքնաշարժներու բախում եւն: Պետութեան մէջ կը գործէ փրկարարական կազմակերպութիւն մը Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւն «ԱԻՆ» անուան տակ:
Լոռիի մարզային փրկարարական վարչութեան ճգնաժամային կառավարումի կեդրոնի պետ Կարէն Յովհաննիսեան իր ելոյթին մէջ նշեց, որ 2018-ին իրենց վրայ դրուած բոլոր խնդիրները յաջողութեամբ լուծուած են: Լոռիի մարզպետ Անդրէաս Ղուկասեանի այն հարցին, թէ կարելի՞ է արդեօք պատահարներու հետեւանքները վերացնելու փոխարէն նախապէս ծրագիր կազմել կանխարգիլելու քարաթափումները, վարչութեան պետը պատասխանեց , որ քարաթափումի բոլոր տարածքները հաշուառուած են, սակայն կանխարգիլիչ միջոցառումներ կազմակերպել կարելի չէ: Այդ գործին համար անհրաժեշտ են ճարտարագիտական մօտեցումներ, ցանցապատում եւն.:
Վտանգաւոր ճանապարհը Վանաձոր-Ալավերտի մայրուղին է, ուր լեռներէն քարակտորներ յաճախակի ցած կը գլորուին՝ մեծ վնաս պատճառելով ինքնաշարժներուն եւ վարորդներուն, որոնք դժբախտ պատահարի զոհ կը դառնան ժամանակ առ ժամանակ:
Տարօրինակ համարուեցաւ այն փաստը, որ ձմեռուան կէսին, երբ ջերմաստիճանը զերոյէն վար է, հրդեհներ կը յառաջանան Լոռիի, Տաւուշի անտառներուն մէջ: Ոստիկանութեան յանձնարարուեցաւ զբաղիլ «ձմեռնային հրդեհներով»:
Վանաձոր