«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Յառաջիկայ շաբթուան սկիզբը կը նախատեսուի Իրանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մուհամմատ Ճաւատ Զարիֆի ժամանումը Լիբանանի Հանրապետութիւն: Այս մասին հաղորդեց Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութեան մօտ աղբիւր մը:
Յիշեալ աղբիւրը «The Daily Star» գործակալութեան յայտնեց, որ Զարիֆ հանդիպում պիտի ունենայ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Ժպրան Պասիլի հետ յառաջիկայ Երկուշաբթի՝ ժամը 1:30-ին: Նախատեսուած է նաեւ հանդիպում մը Զարիֆի եւ նախագահ Միշէլ Աունի միջեւ: Այս մասին կը տեղեկանանք նախագահին մօտ աղբիւրէ մը:
Սակայն վարչապետ Սաատ Հարիրիի մօտ աղբիւրը տակաւին ստոյգ տեղեկութիւն չի հաղորդեր Զարիֆի եւ Հարիրիի միջեւ հանդիպումի մը հաւանականութեան մասին: