Չորեքշաբթի, 21. 05. 2025

spot_img

Աուն Կը Խնդրէ Եւրոպական Երկիրներէն Հասկնալ Լիբանանի Դիրքորոշումը Սուրիացի Գաղթականներու Ճգնաժամին Գծով

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Աուն հանդիպում ունեցաւ Իտալիոյ Հանրապետութեան վարչապետ Ճուզեփփէ Քոնթէի հետ, ուր, խօսքը ուղղելով եւրոպական երկիրներուն, խնդրեց հասկացողութիւն ցուցաբերել սուրիացի գաղթականներու ճգնաժամին գծով Լիբանանի դրսեւորած դիրքորոշումին նկատմամբ:
Հանդիպումին Աուն համոզում յայտնեց, որ երկրի տնտեսութեան ճգնաժամին տուն տուող պատճառները բազմապիսի են, որոնց կարգին՝ սուրիացի գաղթականներու ներհոսքը Լիբանան՝ վստահեցնելով, որ նորակազմ կառավարութիւնը անտարակոյս հետամուտ պիտի ըլլայ լուծելու այս հիմնախնդիրը:
Բացի այդ՝ նախագահը Քոնթէին եւ իր պատուիրակութեան շեշտեց երկկողմ յարաբերութիւնները խթանելու անհրաժեշտութիւնը՝ գնահատելով երկու երկիրներուն միջեւ առկայ գործակցութիւնը բոլոր մակարդակներուն վրայ:    

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին