Ուրբաթ, 08. 11. 2024

spot_img

Ամերիկեան Բարքեր

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Նորատեսակ մրցոյթ մը…

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Երբ մրցոյթ ըսենք՝ մենք կը հասկնանք արտասանական, շարադրութեան, ընդհանուր զարգացման եւ մարզախաղերու յատուկ մրցումներ, որոնք յաճախ տեղի կ՚ունենան դպրոցներու եւ միութիւններու մէջ։

Ամերիկայի մէջ սակայն, բազմաթիւ այլ մրցումներ կը կազմակերպուին՝ որոնք մտամարզանքի կամ մարմնամարզանքի ծիրէն դուրս կը մնան եւ կարելի չէ բնորոշել երբեք անոնց հետապնդած նպատակը։

Ահաւասիկ այդ մրցոյթներէն մին է «կեռասի կուտ թքելու» մրցոյթը, թէ ո՞վ կրնայ աւելի հեռու նետել կուտը.. Սա ոչ առողջապահական է եւ ոչ ալ դաստիարակչական, սակայն տեղի կ՚ունենայ ամէն տարի։ Հիմա թոյլ տուէք որ ձեզի ներկայացնեմ մանրամասնութիւնները, որպէսզի դուք կարենաք դատել վաւերականութիւնը։

Արդարեւ, վերոյիշեալ բներեւոյթի (phenomenon) 45-րդ տարեկան միջազգային մրցումը այս տարի տեղի ունեցաւ Միշիկըն նահանգի Eau Claire քաղաքի Tree Mendus պտղաստանին մէջ։ Իսկ մասնակցողներուն մէջ տարիքի խտրութիւն չկար. փաստ՝ դիտեցէք կցուած երկու նկարները։

45 տարի առաջ այս մրցոյթը սկսած է Պիլ Թէյչմընի կողմէ, իսկ 38 տարիէ իվեր այս մրցոյթին կը մասնակցի՝ այժմ Արիզոնա բնակող Ռիք Քրաուս, որ 1996-ին՝ նոյն վայրին մէջ ամուսնացած է եւ հիմա մրցոյթին մասնակցութիւնը դարձած է ընտանեկան ժառանգութիւն։ Այսինքն երեք սերունդ՝ ինքը, տղան եւ թոռնիկը մրցակիցներ են եւ կը ձգտին առաջնութիւնը խլել իրարմէ։

Օրինակ մը տալու համար բաւ է ըսել, որ Ռիք 18 անգամ խլած է առաջնութիւնը, իսկ այս տարի՝ տղան գերազանցած է զինք, կուտը թքելով 95 ոտք (29 մեթր)։ Ռիքի լաւագոյն մրցանիշը ցարդ եղած էր 72 ոտք (22 մեթր)։

Հոս պէտք է աւելցնել, թէ այս մրցոյթին մէկ բաժանմունքն ալ կիներու յատուկ է եւ Մարլինի՝ Ռիքի տիկնոջ, մրցանիշը այս տարի եղած է 30 ոտք (9 մեթր)։

 

Կովերու Գնահատանքի օր (Cow Appreciation Day)

Այս տարօրինակ երեւոյթը կազմակերպողն է Chick-fil-A ճաշարաններու ցանցը։ Հաւանաբար անունէն կռահեցիք որ այս ճաշարանները կը սպասարկեն հաւ։ Իսկ ինչո՞ւ հաւ սպասարկող ճաշարանը՝ պիտի գնահատէ կովերը։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ։

Անշուշտ այս երեւոյթին միտք բանին՝ կովերը գնահատելով, կովու՝ տաւարի միս ուտելը դադրեցնելն ու անոր փոխարէն հաւու միս ուտելն է։ Սա գովազդի բնոյթ ունի որուն նպատակը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ՝ քաջալերել ժողովուրդը, որ յաճախեն իրենց ճաշարանները։

Այսքանը շատ բարի, սակայն ճաշարաններու այդ ցանցը քայլ մը առաջ երթալով՝ յայտարարած է, որ անոնք որոնք կովու տարազով իրենց ցանցի որեւէ  մէկ ճաշարանը կու գան Յուլիս ամսուան 10-ին, պիտի սպասարկուին ձրիօրէն…

Եւ ահա հազարաւոր մարդիկ՝ կովը խորհրդանշող տարազ հագուելով, ներկայացած են յիշեալ ճաշարանները՝ ձրի կերակուր ուտելու։ Դիտեցէք կցուած նկարը եւ պիտի տեսնէք թէ ընտանիք մը ամբողջ՝ անսալով յիշեալ յայտարարութեան, կովու տարազներով ներկայացած են այդ ճաշարաններէն մին։

Զարմանալի չէ՞ թէ մարդիկ ի՜նչ քայլեր կ՚առնեն, ձրի կերպով կերակրուելու համար։ Բայց այդ տարազները ձրի ե՞ն արդեօք, չեմ կարծեր եւ հաւանաբար անոնք աւելի դրամ կը ծախսեն այդ տարազներուն՝ ինչ որ կերակուրին պիտի ծախսէին. չէ՞ք խորհիր։

Միս կողմէ սակայն, հաւու միս ուտելը աւելի առողջապահական է քան թէ կովու միս ուտելը։ Բժիշկներն անգամ կը թելադրեն հեռու մնալ կարմիր միս ուտելէ եւ կեդրոնանալ՝ հաւ կամ ձուկ ուտելու վրայ, մարմնին աւելի հոգ տանելու եւ հիւանդութիւններէ զերծ մնալու համար։

Հիմա բաղդատեցէք վերոյիշեալ երկու յօդուածները եւ պիտի տեսնէք թէ հակասական բնոյթ ունին անոնք։ Անոնցմէ առաջինը ապառողջ երեւոյթ մը կը ներկայացնէ, իսկ միւսը՝ առողջապահական եւ օգտակար։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին