Չորեքշաբթի, 14. 05. 2025

spot_img

Պարոն Վարուժ Ներկիզեան Այցելեց Մեսրոպեան Վարժարան

Կիրակի, 3 Փետրուար 2019-ին, լիբանանեան եւ արաբական դրամատնային մարզի առաջնորդներէն, կրթական եւ ներդրումային շարք մը հիմնադրամներու եւ ծրագիրներու ղեկավար պարոն Վարուժ Ներկիզեան այցելեց Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան, որուն գլխաւոր բարերարը կը հանդիսանայ երկար տարիներէ ի վեր:

Պարոն Ներկիզեան ծանօթացաւ իր բարերարութեամբ կառուցուած «Ալիս Ներկիզեան» մանկամսուրի վերանորոգուած եւ ընդլայնուած մասնաբաժիններուն: Մանկամսուրը կը կրէ բարերարին մօր անունը:

Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստին հետ կայացած հանդիպումին, պարոն Ներկիզեան մեծապէս գնահատեց աշակերտներու կրթական միջավայրը հետեւողականօրէն բարեկարգելու ուղղութեամբ տարուած եւ տարուող աշխատանքները եւ վերահաստատեց իր պատրաստակամութիւնը` վարժարանի զարգացման ծրագիրներուն օգնելու:

Նշենք, որ այս այցելութենէն մէկ օր առաջ պարոն Ներկիզեան նախագահած էր Մեսրոպեանի տարեկան բարեսիրական ընթրիքին, որ տեղի ունեցաւ Լը Ռուայալ պանդոկին մէջ, աւելի քան 225 մասնակիցներու ներկայութեամբ: Այդ առիթով, յայտարարուեցան անոր հերթական մեծագումար նուիրատուութիւնները` ի նպաստ Մեսրոպեանի կարիքաւոր սաներու ֆոնտին:

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին