Ուրբաթ, 11. 10. 2024

spot_img

Շանհայի Մէջ Ուժանիւթի Նոր Աղբիւրներով Աշխատող Մեքենաներու Թիւը Մրցանիշ Սահմանած Է

2018 թուականի վերջը Շանհայի մէջ ուժանիւթի նոր աղբիւրներով աշխատող (NEV) մեքենաներու թիւը 240 հազար էր: Այդ մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, կը վկայեն քաղաքի Հասարակական անվտանգութեան վարչութեան փոխադրամիջոցներու վերահսկողութեան բաժնի տուեալները: Գերատեսչութեան տուեալներով՝ անցեալ տարի Շանհայի մէջ գրանցուած է աւելի քան 73 հազար նոր NEV, ինչը 20.2 տոկոսով աւելի է 2017 թուականի ցուցանիշէն: Այսպիսով, «մաքուր» մեքենաներու օգտատէրերուն թիւը քաղաքին մէջ թարմացուցած է մրցանիշը: Շանհայը NEV-ի խոշորագոյն շուկաներէն մէկն է Չինաստանի մէջ, կը նշէ «Սինհուա» գործակալութիւնը: 2018 թուականին Շանհայի մէջ տեղադրուած է շուրջ 10.5 հազար լիցքաւորումի կէտ, անոնց ընդհանուր թուաքանակը տարուան աւարտին գերազանցած է 210.66 հազարը: Քաղաքը կը ծրագրէ հետագային աւելի մեծցնել լիցքաւորումի կէտերու թուաքանակը՝ աճող պահանջարկը բաւարարելու համար, հաղորդած է «Ինթերֆաքս»-ը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին