Ուրբաթ, 18. 07. 2025

spot_img

Հայաստան Ունի Տեղեկատուական Արհեստագիտութիւններու Ոլորտին Մէջ Աշխատող Կիներու Ամենաբարձր Տոկոսը

Հայաստան առաջինն է աշխարհի մէջ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու (IT) ոլորտին մէջ աշխատող կիներու մասնակցութեամբ, որ կը կազմէ 30 տոկոս: Այս ցուցանիշով Հայաստան կը գերազանցէ Միացեալ Նահանգները, Գանատան եւ եւրոպական շարք մը երկիրներ, կը վկայեն «Ձեռնարկութիւնների ինկուբատոր հիմնադրամ»ի (Enterprise Incubator Foundation) ուսումնասիրութիւնները, կը հաղորդէ Սիւիլնէթը։

Հայաստանի վիճակագրական կոմիտէի տուեալներով` հայաստանեան համալսարաններուն մէջ Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու եւ տեղեկատուական անվտանգութեան բաժիններու մէջ աղջիկներուն թիւը չորս տարուան մէջ աճած է աւելի քան հինգ անգամ:

SoloLearn ընկերութեան ծրագրաւորողներէն Անի Գրիգորեան կ՛ըսէ․ «Մեր ուսանողական տարիներուն Ճարտարագիտական համալսարանի մէջ այս ճիւղը ուսանող քսան տղու կողքին միայն հինգ աղջիկ էինք,  իսկ հիմա աշխատանքի մէջ աղջիկներու ու տղոց համեմատութիւնը գրեթէ նոյն են»։

Ըստ անոր՝ կարծրատիպերը վաղուց կոտրուած են, եւ աղջիկներուն թիւը այս մարզին մէջ կը շարունակէ աճիլ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին