Ուրբաթ, 18. 07. 2025

spot_img

Լիբանան Փայլուն Օրինակ Մըն Է Գոյակցութեան. Հարիրի

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Լիբանան փայլուն օրինակներէն է Միջին Արեւելքի մէջ գոյակցութեան, համաչափութեան եւ հանդուրժողականութեան: Այս մասին հեռաձայնային հաղորդակցութեան ժամանակ Եգիպտոսի շէյխ Ահմատ Ալ Թայեպին յայտնեց Լիբանանի Հանրապետութեան վարչապետ Սաատ Հարիրի:
Հեռաձայնային զրոյցին վարչապետ Հարիրի աւելցուց, թէ ինք յոյսով է, որ կրօնական հանդուրժողականութեան արժէքները պիտի գերիշխեն ապագային տարածաշրջանին մէջ:
Հարիրի գնահատեց նաեւ իսլամ առաջնորդի՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ «Մարդկային եղբայրութիւն» թեմայով համաշխարհային համաժողովին տուած ճառը, ուր Թայեպ քրիստոնեաներուն յիշեցուցած է արաբական աշխարհին մէջ ունեցած իրենց նկատառելի դերակատարութիւնը՝ խնդրելով, որ իրենք զիրենք երբեք փոքրամասնութիւն չհամարեն:  

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին