Ուրբաթ, 16. 05. 2025

spot_img

Իսրայէլ Պէտք Է Հեռանայ Լիբանանի Արտօնահարկ Գօտի Համարուող Պլոք 9-էն. Պըրրի

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Երեսփոխան Ալի Պազիի հաղորդմամբ՝ խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի շեշտեց, որ Իսրայէլ պէտք է անյապաղ դուրս գայ Լիբանանի արտօնահարկ գօտի համարուող պլոք 9-էն, որ ունի կազի եւ նաւթի պաշարներ: Նշենք, որ Պըրրիի սոյն յայտարարութեան մեկնակէտ հանդիսացաւ Իսրայէլին՝ վիճարկելի սահմաններուն հետախուզութիւն կատարելու արտօնագիրի շնորհումը:
«Սա ուղղակի կը թիրախաւորէ մեր նաւթային ու ջրային պաշարները»,- ըսաւ Պազի:
Յայտնենք, թէ պլոք 9-ը, որ ջուրի հարուստ պաշար ունի, կը սահմանակցէ Իսրայէլի ծովային գօտին: Ի դէպ, Պազի կը նշէ, որ Իսրայէլ շահագործած է Լիբանանի ջրային տարածքին յարակից մասը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին