Ուրբաթ, 11. 10. 2024

spot_img

Արցախի Անվտանգութեան Երաշխաւորումը եւ Շարունակական Ամրապնդումը. ՀՀ Կառավարութիւնը Հրապարակեց Իր Ծրագիրին Նախագիծը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան e-gov.am կայքով հրապարակուած է կառավարութեան ծրագիրին նախագիծը, որ գործադիրին կողմէ հաստատուելէ ետք՝ պիտի ուղարկուի Ազգային ժողով:

Ծրագիրին մէջ կը նշուի, որ Առաջիկայ հինգ տարիներուն՝ ՀՀ կառավարութեան գործունէութիւնը միտուած պիտի ըլլայ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ բարձր արհեստագիտական, արդիւնաբերական, ինչպէս նաեւ բնապահպանական բարձր չափանիշներուն համապատասխանող, արտա­հանման միտուած մրցունակ եւ ներառական տնտեսութիւն կառուցելուն:

Այս նպատակին հասնելու համար առանցքային նշանակութիւն ունին՝

– Հայաստանի արտաքին եւ ներքին անվտանգութեան ապահովումը,

– Արցախի անվտանգութեան երաշխաւորումը եւ շարունակական ամրապնդումը,

– Մարդու իրաւունքներու պաշտպանուածութիւնը, մարդու ազատ ստեղծա­գործելու, արժանապատիւ ու երջանիկ ապրելու համար նպաստաւոր պայմաններու ապահովումով՝ բարեկեցութեան մակարդակի շարունակական բարձրացումը,

– Ժողովրդավարութիւնը, ժողովրդավարական հիմնարկներու զարգացումը, իրաւունքի գերակայութիւնը, օրէնքի առաջ բոլոր մարդոց հաւասարութիւնը, անկախ դատական համակարգի գոյութիւնը, հակակշիռներու եւ փոխզսպումներու արդիւնաւէտ կառուցակազմերու ներդրումը.

– Հայութեան մարդկային, տնտեսական, ելեւմտական, մտաւոր ներուժի՝ Հայաստանի Հանրապետութեան զարգացման նպատակի շուրջ համախմբումը,

– Կառավարութեան հաշուետուողականութիւնն ու թափանցիկութիւնը, փտածութեան հանրային մերժումը եւ փտածութենէ զերծ հանրութիւնը,

– Քաղաքականութեան եւ գործարարութեան գործնական տարանջատումը, տնտեսական գործունէութեան համընդհանուր հասանելիութիւնը, ներդրումային միջավայրի գրաւչութիւնը, աշխատանքի եւ ներդրումներու քաջալերումը,

– Կրթութեան եւ առողջ ապրելակերպի քաջալերումը,

– Աղքատութեան յաղթահարումը՝ աշխատանքի եւ կրթութեան միջոցով,

– Պետական ծախսերու եւ գոյքի կառավարման արդիւնաւէտութեան բարձրացումը,

– Ազգային փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին