Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

Ազրպէյճանի Մէջ Նախորդ Գիշեր Մի Քանի Երկրաշարժ Տեղի Ունեցած Է

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Փետրուար 6-ի լոյս գիշերը Ազրպէյճանի հիւսիսը տեղի ունեցած է 6 բալ ուժգնութեամբ երկրաշարժ:

Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, կը յայտնեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները:

Ազրպէյճանի ԳԱԱ երկրաշարժագիտական ծառայութեան հանրապետական կեդրոնի հաղորդմամբ՝ 6 բալ ուժգնութեամբ հիմնական երկրաշարժին յաջորդած է եւս 3 երկրաշարժ:

Երեք երկրաշարժերն ալ տեղի ունեցած են Ազրպէյճանի հիւսիսը` Փիրկուլու կայարանէն արեւմուտք եւ հարաւ-արեւմուտք ուղղութեամբ: Երկրաշարժերու ուժգնութիւնը եղած է 3.4, 3.0, 3.9 աստիճան:

Ազրպէյճանի հիւսիսը տեղի ունեցած 6 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժին հետեւանքով տուժած է 30 հոգի, սակայն, բարեբախտաբար, մահ չկայ:

Երկրաշարժերը տեղի ունեցած են Ազրպէյճանի Շամախի, Իսմայիլի եւ Ակսուի շրջանները:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին