Ուրբաթ, 11. 10. 2024

spot_img

Շարունակուեցաւ Նախարարական Պաշտօններու Փոխանցումը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Նախարարական պաշտօններու փոխանցումի գործընթացին 2-րդ օրը ըլլալով՝ երէկ խումբ մը նախարարներ պաշտօնապէս ստանձնեցին իրենց նոր պաշտօնները:
Պաապտայի պալատին մէջ նախագահական հարցերով նախարար Սալիմ Ժրեյսաթի ստանձնեց իր նոր պաշտօնը իր իսկ նախորդէն՝ Փիեռ Ռաֆուլէն: Այս մասին հաղորդեց նախագահական տեղեկատուական գրասենեակը:
Ռաֆուլ յաջողութիւն մաղթեց Ժրեյսաթիին՝ իր նոր առաքելութեան մէջ, մինչ նոր նախարարը բարձր գնահատեց Ռաֆուլի տարած աշխատանքը պաշտօնավարութեան ամբողջ շրջանին:
Աշխատանքի նախկին նախարար Մուհամմատ Քապպարա ըսաւ, որ իր իրաւայաջորդը՝ Քամիլ Ապու Սլեյմանը, անտարակոյս յաջողութիւն պիտի արձանագրէ այս նոր պաշտօնին վրայ՝ շնորհիւ տարիներու իր փորձառութեան, եւ պիտի ապացուցէ, որ այս նախարարութիւնը կ’աշխատի անխտիր բոլոր լիբանանցիներուն օգտին, ինչպէս կը հաղորդէ ազգային լրատուական գործակալութիւնը:
Տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Մանսուր Պթեյշ ընդգծեց, որ իր նպատակը պիտի ըլլայ ստեղծել արդիւնաւէտ տնտեսութիւն մը: Միաժամանակ ան կոչ ուղղեց բոլոր քաղաքական գործիչներուն գործակցելու՝ դիմագրաւելու առկայ դժուարութիւնները եւ երաշխաւորելու երկրի կայունութիւնն ու բարգաւաճումը:   

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին