«Գաւառը» Լուսարձակի Տակ – 11 –
ՎԱՀԱՆ ԱՆՏՈՆԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Աշխատակից
Հիւանդութիւններու վերահսկումն ու կանխարգիլումը ապահովող ազգային կեդրոնի Լոռի մարզի մասնաճիւղի տնօրէն Անժելա Յովհաննիսեանի տուեալներով՝ Լոռիի մէջ սուրշնչառական վարակով արձանագրուած է 138 հիւանդ, որոնցմէ 1182-ը 0-14 տարեկան երեխաներ են, իսկ 26-ը` 15 տարեկանէն վեր մարդիկ: Կայ նաեւ սուր թոքաբորբով հիւանդանոց ընդունուած 38 հիւանդ, միաժամանակ 31-ը 0-14 տարեկան երեխաներ են:
Կեդրոնի տնօրէնը տեղեկացուցած է նաեւ, որ լապորաթոր հետազօտութիւններով յայտնաբերուած են «խոզի կրիփ» անունով յայտնի Հ1Ն1-ով վարակուած 10 անձինք, որոնցմէ 4-ը 0-14 տարեկան երեխաներ են: 9 հոգի ենթարկուած է հիւանդանոցային բուժումի եւ բոլորը առողջացած վերադարձած են իրենց տուները: Հ1Ն1 կրիփը որոշ ժամանակ առաջ յայտնաբերուեր էր Վրաստանի մէջ եւ այնտեղէն անցեր Հայաստան. Երեւանի մէջ այդ հիւանդութեան պատճառով երկու մահ արձանագրուեցաւ:
Կեդրոնի տնօրէնը աւելցուց նաեւ, որ ամէն օր մարզի դպրոցներուն ու մանկապարտէզներուն մէջ կը կատարուին առողջութեան ստուգումներ: Հ1Ն1-ը սովորական կրիփի վարակ է, բայց եթէ ենթական ունի նաեւ այլ հիւանդութիւն, կրնայ բարդութիւն յառաջանալ. այդ պատճառով ալ պէտք է դիմել բժիշկի եւ չզբաղիլ ինքնաբուժութեամբ: