Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

spot_img

Լիպիոյ Հետ Յարաբերութիւնները Պիտի Չկարգաւորուին, Մինչեւ Որ Լրջօրէն Չհետաքննուի Սատըրի Անհետացումը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Լիբանանեան-լիպիական յարաբերութիւնները պիտի չկարգաւորուին, մինչեւ որ իմամ Մուսա Սատըրի եւ վերջինիս երկու ուղեկիցներուն անհետացումին հետ կապուած մանրամասնութիւնները չբացայայտուին: Այս մասին արտաքին գործոց նախարար Ժպրան Պասիլ յայտնեց Լիպիոյ գործընկերոջը:
Ինչպէս կը հաղորդէ ազգային լրատուական գործակալութիւնը, Պասիլ եւ Լիպիոյ արտաքին գործոց նախարար Մուհամմատ Սիալա հանդիպում ունեցան Պրիւքսելի մէջ ԵՄ-ԱՊԼ գագաթնաժողովի ծիրէն ներս: Կողմերը համաձայնեցան հետեւիլ Լիպիոյ Հանրապետութեան՝ միջազգային գետնի վրայ ճանաչում ստացած կառավարութեան ջանքերուն՝ ուղղուած Սատըրի անհետացումի հետաքննութեան: 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին