Չորեքշաբթի, 18. 06. 2025

spot_img

Պիւտճէն Պէտք Է Ըլլայ Նորակազմ Կառավարութեան Առաջնահերթութիւնը. Քանաան

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Նորակազմ կառավարութեան առաջնահերթութիւնը պէտք է ըլլայ պետական պիւտճէն: Այս մասին երէկ յայտնեց խորհրդարանի Ելեւմուտի եւ պիւտճէի յանձնախումբի նախագահ Իպրահիմ Քանաան «Լիբանանի ձայնը» տեղական ձայնասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին մէջ:
«Նորակազմ կառավարութեան առաջնային խնդիրը պէտք է ըլլայ պիւտճէն՝ ի հաշիւ բարեփոխումներու եւ պակասորդի կանխումին»,- ըսաւ Քանաան:
Նշենք, որ 1 Փետրուարին Լիբանանի ղեկավարութիւնը ստորագրեց հրամանագիր մը, ինչը թոյլ կու տայ շարունակելու պետական կառոյցներուն ֆինանսաւորումը պետական պիւտճէի բացակայութեան պարագային:
Ազգային ազատ հոսանք շարժումի անդամ Քանաան մասնաւորաբար շեշտեց, որ կարելի չէ նշել կառավարութեան կազմաւորումը, մինչեւ որ նկատառելի յառաջընթաց մը չարձանագրուի եւ կաշառակերութիւնը չսանձուի: 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին