«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Արտաքին գործոց նախարար Ժպրան Պասիլ երէկ ուղղուեցաւ Պրիւքսել Եւրոպական Միութեան եւ Արաբական պետութիւններու լիկայի նախարարական հանդիպումին մասնակցելու համար: Այս մասին հաղորդեցին Լիբանանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութենէն:
Այսօր՝ Փետրուար 4-ին նախատեսուած հանդիպումը ի մի պիտի բերէ արաբական ու եւրոպական պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարները` որպէս պատրաստութիւն ԵՄ-ԱՊԼ գագաթնաժողովին, որ պիտի կայանայ Եգիպտոսի Շարմ Էլ Շեյխ քաղաքը Փետրուար 24–25: