Երեքշաբթի, 22. 04. 2025

spot_img

Հըզպալլայի Համակիրները Բողոքի Ցոյց Իրականացուցին Ընդդէմ Իսրայէլի

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հըզպալլա կուսակցութեան աւելի քան 50 համակիրներ Կիրակի յետմիջօրէին հեծանիւներով բողոքի ցոյց իրականացուցին գրաւեալ Պաղեստինի հետ Լիբանանի հարաւային սահմանին՝ հակազդելու Լիբանանի ինքնիշխանութեան սպառնացող իսրայէլեան յարադէպ խախտումները: Այս մասին կը հաղորդէ ազգային լրատուական գործակալութիւնը:
«Ալ Ժատիտ» տեղական հեռուստակայանին հաղորդմամբ՝ համակիրները կը վարէին այն հեծանիւները, զորս կուսակցութիւնը նախապէս օգտագործած էր ռազմական գործողութիւններու համար:
Ըստ ազգային լրատուական գործակալութեան՝ հեծանուորդներու թիւը մօտաւորապէս 60 էր:
 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին