Ուրբաթ, 11. 10. 2024

spot_img

Ազգ. Առաջնորդարանի Երիտասարդական Յանձնախումբը Օժտուեցաւ «ԱՅՈ» Անունով

Երեքշաբթի գիշեր, 29 Յունուար 2019-ին սուրբ պատարագին յաջորդած Երիտասարդական Յանձնախումբի հաւաքին եւ Աստուածաշունչի սերտողութեան ընթացքին, Ազգ. Առաջնորդարանի Երիտասարդական Յանձնախումբը որոշեց ինքզինք «ԱՅՈ» անուանել։

Լիբանանի Հայոց Առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս, Աստուածաշունչի սերտողութիւնը կատարելէ առաջ, «ԱՅՈ» անուանումը հաստատեց, ըսելով. «Կ’ողջունեմ մեր նոր անունը` «ԱՅՈ», որ հիմնուած է Մատթէոսի Աւետարանին 5-րդ գլուխին 37-րդ համարին մէջ արձանագրուած Յիսուսի հետեւեալ հրահանգին վրայ. «Պարզապէս ձեր «այո»-ն այո թող ըլլայ եւ «ոչ»-ը՝ ոչ»։ «ԱՅՈ»-ն մեր հաւաքական պատասխանն է այս տէրունի նշանաբանը որդեգրելու պատրաստակամութեան։ Հիմա կը մնայ զայն խօսքով եւ գործով ապրիլը, որուն համար Աստուծոյ օրհնութիւնը եւ Հայ եկեղեցւոյ բոլոր սուրբերուն բարեխօսութիւնը որպէս փարոս մեզ պիտի առաջնորդեն մեր հայ քրիստոնէական կեանքին մէջ»։

Յայտնենք, թէ ամէն Երեքշաբթի գիշեր՝ ժամը 7:00-8:00, Պուրճ Համուտի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ մէջ, սուրբ պատարագ կը մատուցուի` հաւատացեալ ժողովուրդին երգեցողութեամբ եւ Նարեկ Սրբազան հոգեւոր խորհրդածութիւն կը կատարէ։ Ապա ժամը 8:00-9:00 Ազգ. Առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան – Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի կ’ունենայ 18-40 տարեկան երիտասարդ-երիտասարդուհիներու ծանօթութեան ընկերային հաւաք, Աստուածաշունչի սերտողութիւն եւ հայ քրիստոնէական կեանքի հաւաքական քննարկում։ Աստուածաշունչի սերտողութիւնը կը կատարէ Նարեկ Սրբազան։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին