Շաբաթ, 05. 07. 2025

spot_img

Յովհաննէս Թումանեանի Ծննդեան 150-Ամեակի Գրական Մշակութային Անդրանիկ Տօնակատարութիւնը Ժընեւի Մէջ

2019-ի ընթացքին, այլ յոբելեաններու շարքին, համայն հայութիւնը Հայաստանի, Սփիւռքի եւ Արցախի մէջ կը նշէ «Ամենայն Հայոց Բանաստեղծ» Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակը:

Մեծ բանաստեղծին յոբելեանին նուիրուած թերեւս անդրանիկ տօնակատարութեան ազդանշանը, անոր ծննդեան թուականէն 10 օր առաջ, ինչպէս կ’երեւի, կու տայ Զուիցերիոյ Ժընեւ քաղաքը, ուր Հայկական Բարեգորական Ընդհանուր Միութեան մասնաճիւղը 9 Փետրուարին կը կազմակերպէ Թումանեանական գրական բացառիկ երեկոյ, յատկապէս այս առիթով Պէյրութէն իբրեւ գլխաւոր բանախօս հրաւիրելով «Ծաղիկ» գրական ազգային շաբաթաթերթի խմբագրապետ եւ բանաստեղծ Յակոբ Տիւնեայեանը (Ասպետ Ռուբինեան՝ գրական անունով), իսկ Պոլիսէն՝ մեծանուն արուեստագիտուհի Տիկին Սիլվա Կոմիկեանը, Հայ «Ասմունքի Իշխանուհին»:

Արդարեւ, Հ.Բ.Ը.Մ.ի Ժընեւի մասնաճիւղի վաստակաշատ  ատենապետուհի Տիկին Թալին Ուզունեան-Աւագեան, որ աւագ դուստրն է Հ.Բ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական վարչութեան երկարամեայ նախկին փոխատենապետ եւ ազգային-հասարակական-մշակութային գործիչ Հայկաշէն Ուզունեանի (1920-2006) ու Թէքէեան Մշակութային Միութեան «Հայկաշէն Ուզունեան» Գրական Մրցանակի յանձնաժողովի նախագահը, ամէն ճիգ ի գործ դրած է սոյն միջոցառման տալու փառաշուք փայլք, երբ, ինչպէս վերջերս ալ ՀՀ մշակոյթի նախարարի պարտականութիւնները կատարող Նազելի Ղարիբեանը մամուլի ասոլիսի ժամանակ յայտարարեց, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի յոբելենական իրադարձութիւններո օրացոյցին մէջ ներառնուած են Յովհաննէս Թումանեանի եւ Կոմիտաս Վարդապետի ծննեան 150-ամեակները:

Մեծանուն բանաստեղծին ծննդեան 150-ամեակի գրական մշակութային միջոցառումը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 9 Փետրուարի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Ժընեւի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան սրահին մէջ, ուր հրաւիրուած է գրասէր հասարակութիւնը: Յայտագիրը կ’ընդգրկէ նաեւ գեղարուեստական բաժին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին