«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Գերմանիոյ իշխանութիւնը այն կարծիքին է, որ միայն նոր նախագահական ընտրութիւնները կրնան բաւարարել Վենեզուելայի ժողովուրդի շահերը: Այդ մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, Փետրուար 1-ին յայտարարած է Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել:
«Մեր գնահատականն է, որ նախագահ Նիքոլաս Մատուրոյի ընտրութիւնները ազատ չէին»,- ըսած է ան Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ Պեռլինի մէջ համատեղ մամուլի ասուլիսին:
«Բնականաբար, մենք պատրաստ ենք հնարաւորինս ընելու՝ այդ գործը գրոհի չհասցնելու համար, այլ որպէսզի Վենեզուելայի ժողովուրդը կարենայ հասնիլ իր շահերու բաւարարումին»,- նշած է Մերքել: «Սա, ըստ մեզի, կրնայ յաջողիլ միայն նոր ընտրութիւններուն միջոցով»,- յաւելած է ան: