Շաբաթ, 15. 02. 2025

spot_img

Հայաստանի Համար Ժողովրդավարութիւնը Անշրջելի Է. ՀՀ Վարչապետը Հանդիպած Է ԳԴՀ Խորհրդարանի Նախագահին

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութիւն այցի ծիրէն ներս Փետրուար 1-ին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպած է Գերմանիոյ խորհրդարանի նախագահ Ուոլֆկանկ Շոյպլէին:

Խորհրդարանի նախագահ Ուոլֆկանկ Շոյպլէն նշած է, որ մեծ պատիւ է Գերմանիոյ մէջ հիւրընկալել Հայաստանի վարչապետը եւ քննարկել երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան հարցերը:

ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ Նիկոլ Փաշինեան ներկայացուցած է մեր երկրին մէջ տեղի ունեցող գործընթացները` ընդգծելով, որ 2018 Դեկտեմբեր 9-ին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններով աւարտած է յեղափոխութեան առաջին փուլը Հայաստանի մէջ, եւ այժմ տնտեսական յեղափոխութեան ժամանակն է: «Հայաստանի համար ժողովրդավարութիւնը անշրջելի է: Քաղաքական փոփոխութիւններից յետոյ պէտք է իրականացնենք տնտեսական փոփոխութիւններ, քանի որ յեղափոխութեան յաջողութեան յաջորդ կարեւոր բաղկացուցիչը տնտեսական զարգացումն է»,- նշած է վարչապետը:

Զրուցակիցները բարձր գնահատած են երկու երկիրներուն միջեւ քաղաքական երկխօսութեան մակարդակը եւ հայ-գերմանական միջպետական յարաբերութիւններու զարգացումի գործին մէջ կարեւոր համարած են  միջխորհրդարանական կապերու սերտացումն ու խորացումը: Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ Հայաստանը անցում կատարած է լիարժէք խորհրդարանական կառավարման համակարգի, եւ այս առումով Գերմանիոյ՝ որպէս կայացած խորհրդարանական աւանդոյթներ ունեցող երկրի փորձը օրինակելի է, իսկ գերմանացի խորհրդարանականներու հետ շփումներու աշխուժացումը՝ կարեւոր։ Ուոլֆկանկ Շոյպլէն, իր հերթին, նշած է, որ Հայաստանը կարեւոր գործընկեր է Գերմանիոյ համար, եւ Գերմանիան պատրաստ է բաժնեկցելու խորհրդարանական կառավարման ոլորտէն ներս իր կուտակած փորձը եւ յաջողութիւնները:

ՀՀ վարչապետը եւ ԳԴՀ խորհրդարանի նախագահը քննարկած են Հայաստան-Եւրոմիութիւն գործակցութեան ամրապնդումի հեռանկարները, որ ՀՀ-ԵՄ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի  ստորագրումէն ետք նոր փուլ մտած է: Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է հնարաւորինս սեղմ ժամկէտներու մէջ ԵՄ անդամ-երկիրներու կողմէ համաձայնագիրի վաւերացումի կարեւորութիւնը:

Կողմերը միտքեր փոխանակած են հայ-գերմանական գործակցութեան հետագայ ընդլայնումին, Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններու զարգացումին, Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրին վերաբերող հարցերուն շուրջ:

Վարչապետ Փաշինեան բարձր գնահատած է 2016-ին ԳԴՀ խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւին ընդունումը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին