Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

Մաքրոն Կ’ողջունէ Լիբանանի Նոր Կառավարութեան Կազմաւորումը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն ողջունեց Լիբանանի Հանրապետութեան նոր կառավարութեան այնքան սպասուած կազմաւորումը՝ վերահաստատելով Ֆրանսայի զօրակցութեան անխափան շարունակականութիւնը Լիբանանին:
«Նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն վերահաստատեց Լիբանանի ինքնիշխանութեան, կայունութեան եւ անվտանգութեան իր յանձնառութիւնը՝ ընդգծելով համամասնական քաղաքականութեան եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի կարեւորութիւնը»,- ըսուած է Ֆրանսայի նախագահական պալատի հրապարակած յայտարարութեան մէջ:
«Անցնող մի քանի ամիսներուն Ֆրանսան միշտ կանգնած է Լիբանանի ժողովուրդի եւ պաշտօնատարներու կողքին՝ գործընկերութեան եւ բարեկամութեան ոգիով խթանելու եւ յառաջ մղելու կառավարութեան կազմաւորումի գործընթացը»,- կը նշուի յայտարարութեան մէջ: Աւելին, այդտեղ մասնաւորաբար կ’ընդգծուի, որ Ֆրանսայի Հանրապետութիւնը հետամուտ է հետեւելու Լիբանանի՝ Սիտըր խորհրդաժողովին հետ կապուած տնտեսական եւ ընկերային բարեփոխումներ իրականացնելու գործընթացին:  

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին