Երկուշաբթի, 07. 07. 2025

spot_img

Լիբանանի Պաշտօնատար Անձինք Յոյս Կը Յայտնեն Նորակազմ Կառավարութեան Կապակցութեամբ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանի շարք մը պաշտօնատարներ լաւատեսութիւն յայտնեցին ազգային միասնական նորակազմ կառավարութեան կապակցութեամբ: Ի դէպ, նորանշանակ նախարարները բարձրաձայնեցին իրենց ապագայի ծրագիրներն ու հեռանկարները՝ ի նպաստ երկրի բարգաւաճումին, ժողովուրդի կենսամակարդակի բարձրացումին եւ տնտեսական անելանելի կացութեան հանգուցալուծումին:
Իր կարգին, մարոնի համայնքի պատրիարք Պշարա Ռաաի ջերմօրէն շնորհաւորեց Հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Աունը եւ վարչապետ Սաատ Հարիրին այս կարեւոր նուաճումին համար: Այս մասին կը նշուի մարոնի եկեղեցւոյ հրապարակած յայտարարութեան մէջ:
«Ռաաի յոյս յայտնեց, որ նորակազմ կառավարութիւնը յաջողապէս պիտի կատարէ իր պարտականութիւնները եւ, ի գին ամէն զոհողութեան, պիտի կարենայ վերացնել անցնող ինը ամիսներուն ծայր առած նորանոր խնդիրներու փաղանգը»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին