Երկուշաբթի, 07. 07. 2025

spot_img

ԱՄՆ Կը Շնորհաւորէ Լիբանանը, Բայց Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Հըզպալլայի Խնդրով

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները երէկ ողջունեց Լիբանանի նորակազմ կառավարութեան կազմաւորումը, բայց միաժամանակ զգուշացուց, թէ ինք մտահոգ է Հըզպալլայի՝ վարչապետ Սաատ Հարիրիի կառավարութեան մէջ ունենալիք դերակատարութեամբ:
ԱՄՆ պետական գերատեսչութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ մտահոգութիւն կը յայտնուի, թէ Հըզպալլան, որ ԱՄՆ կը համարէ ահաբեկչական խմբաւորում, ընդգրկուած է նորակազմ կառավարութեան մէջ եւ ստանձնած է առողջապահութեան նախարարութիւնը:
«Մենք կոչ կ’ուղղենք նոր կառավարութեան, որ սոյն նախարարութեանց ծառայութիւնները որեւէ կերպ աջակցութիւն չցուցաբերեն Հըզպալլային»,- ըսուած է մամլոյ փոխխօսնակ Ռոպերթ Փալլատինոյի յայտարարութեան մէջ: 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին