Երեքշաբթի, 22. 04. 2025

spot_img

Պապական Նուիրակի Եւ Նարեկ Արքեպիսկոպոսի Հանդիպում

Հինգշաբթի, 31 Յունուար 2019-ին՝ առաւօտեան ժամը 11:00-ին, Լիբանանի Հայոց Առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս այցելեց Լիբանանի մօտ Պապական Նուիրակ Գերշ. Տ. Ճոզեֆ Սփիթերի Արքեպիսկոպոսին։

Այցելութիւնը առիթ եղաւ, որ Սրբազան Հայրն ու Պապական Նուիրակը զրուցեն Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ Հռոմէական Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ անցեալի ու ներկայի յարաբերութիւններուն, միջեկեղեցական եւ միջկրօնական շրջանային եւ տեղական իրականութիւններուն, Լիբանանի Հայոց թեմի դրուածքին եւ առաքելութեան ու Լիբանանի դիմագրաւած ընկերային, քաղաքական եւ տնտեսական բարդութիւններուն մասին։

 Ճոզեֆ Սփիթերի Արքեպիսկոպոս իր գոհունակութիւնը յայտնեց Նարեկ Արքեպիսկոպոսի երկար տարիներու միջեկեղեցական յարաբերութիւններու վաստակին համար եւ խոստացաւ մօտ ապագային փոխադարձ այցելութիւն տալ Ազգ. Առաջնորդարան։

Այս այցելութեան ընթացքին, Սրբազան Հօր ընկերացաւ Նոր Սիսի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Յակոբ Քհն. Պզտիկան։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին