Չորեքշաբթի, 02. 07. 2025

spot_img

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ասպետի Կարգ»-ի Շքանշանով Պարգեւատրեց Տիկ. Մէթթի Տումանեանը

Շաբաթ, 26 Յունուար 2019-ի երեկոյեան, յարգելով Կաթողիկոսարանի եւ Թռչնոց Բոյնի, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Ազգային Առաջնորդարանի նուիրատու տոքթ. Գրիգոր Տումանեանի յիշատակը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ասպետի կարգ»-ի շքանշանով պարգեւատրեց անոր այրին՝ տիկ. Մէթթի Տումանեանը։ Պարգեւատրման ներկայ էին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանը, ինչպէս նաեւ Տումանեան ամոլին զաւակները՝ տոթք. Կրեկ Տումանեանն ու Նենսի Տումանեան Փանոսեանը։

Խօսելով Կաթողիկոսութեան երկար տարիներու բարեկամ եւ բարերար Տումանեան ընտանիքին մասին՝ Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց անոր ցուցաբերած նախանձախնդրութիւնը եկեղեցւոյ հանդէպ՝ մաղթելով, որ Տումանեան ընտանիքը շարունակէ աստուածահաճոյ իր ծառայութիւնը՝ աջակցելով եկեղեցւոյ առաքելութեան։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին