Երկուշաբթի, 16. 06. 2025

spot_img

Հայ Համալսարանաւարտներու Համախմբումը Նորանոր Ծրագիրներով Կը Շարունակէ Իր Առաքելութիւնը

Ուրբաթ, 25 Յունուար 2019-ին Հայ Համալսարանաւարտներու Համախմբումը (ՀՀՀ) իր ընթացիկ հանդիպումը ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանէն ներս։ Հանդիպումը առիթ մը եղաւ բարձրաձայն մտածելու եւ խորհրդակցելու Համախմբումին յառաջիկայ ծրագիրներուն եւ աշխատանքներուն մասին։

Յայտնենք, որ այս տարի ՀՀՀ  իր ընթացիկ հաւաքները պիտի կայացնէ իւրաքանչիւր ամսուան վերջին Ուրբաթ երեկոները՝ ժամը 8:00-ին։ Փափաքողները կրնան ներկայանալ Կաթողիկոսարան հաւաքոյթին օրը եւ կամ կապ հաստատել ՀՀՀ-ի ատենապետ Յակոբ Հանտեանին՝ հեռաձայնելով 03-325779  թիւին։

Նշենք, որ նախաձեռնութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Նորին Սրբութեան, ՀՀՀ-ն Կաթողիկոսարանին հովանիին տակ կը գործէ 2012 թուականէն սկսեալ։ Անոր նպատակն է ի մի խմբել հայ համալսարանաւարտներ ու անոնց գիտական, կրթական ու այլ ոլորտի ներուժը օգտագործել հայ գաղութի բարեկեցութեան ու բարելաւման նպաստող ծրագիրներու մշակման ու ձեռնարկներու իրագործման համար։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին